Ընդառաջելով Իրաքի մէջ Զրատշդական համայնքի ներկայացուցիչ՝ դոկտոր Հայտէր Ասֆուրի հրաւէրին, թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ, Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան, Մայիսի 15ին մասնակցեցաւ յիշեալ համայնքի կեդրոնատեղիին մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթին, որուն ներկայ եղաւ նաեւ Շիիթ Կրօնապետ՝ Ալ-Սէյյիտ Ամմար Ալ- Հաքիմը:

Դոկտոր Ասֆուրի բարի գալուստի եւ ողջոյնի խօսքէն ետք՝ Շիիթ կրօնապետը  ներկայացուց Իրաքի ընդահանուր վիճակը. գնահատանքի խօսք ուղղեց բոլոր փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին,  Իրաքի վերելքին համար   կատարուած նախանձախնդիր աշխատանքին համար:

Հրաւէրի կապակցութեամբ շնորհալկալութիւն յայտնելէ ետք՝ հոգեշնորհ Հայր Սուրբը անդրադարձաւ Իրաքի Քրիստոնէութեան հետ առնչուող հարցերուն ներկայացուց Իրաքի ժողովուրդը որպէս մէկ ամբողջութիւն նմանցնելով զայն  ծաղկեփունջի մը, իսկ իւրաքանչիւր ծաղիկ իր գոյնով ու բոյրով ծաղկեփունջը զարդարող մասնիկ:

Առաջնորդ Հայր Սուրբին կ՛ընկերակցէր բրշհ. Արամ սրկ. Քէթէնճեան:

About The Author

By iamc