2022-2023 Ուսումնական տարեշրջանը իր լրումին հասնելու առիթով, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան, Մայիսի 8ին հանդիպում ունեցաւ Ազգային Նախակրթարանի 4րդ, 5րդ եւ 6րդ դասարաններու աշակերտութեան հետ, որոնք դիմաւորեցին զինք Տէրունական Աղօթքով: Իր հերթին, Առաջնորդ Հայր Սուրբը հայրական օրհնութիւնը բաշխեց մատղաշ սերունդի այդ հոյլին եւ խրախուսեց զանոնք օգտուելու ամրան արձակուրդէն եւ բարելաւելու իրենց ընդհանուր մակարդակը: Այս առիթով, Հայր Սուրբը նաեւ վկայական յանձնեց Մանկապարտէզի շրջանաւարտներէն մէկուն:
Հանդիպման, որը տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, ներկայ էին՝ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ՝ պարոն Կարապետ Գալուստեան, Ազգային Վարժարանի աւագ ուսուցիչ՝ Արամ սրկ. Քէթէնճեան եւ Մանկապարտէզի տնօրէնուհի՝ տիկին Մարիամ Կորիկեան:












