ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Ճափոնիայի Դեսպանին Այցելութիւնը

Ամսոյս 24-ին, Առաջնորդարանս այցելեց Իրաքի մօտ Ճափոնիայի Դեսպան՝ Տիար Ֆութոշի Մաթսումոթոն, ընկերակցութեամբ ՀՀ Դեսպանութեան Հաւատարմատար՝ Տիար Ալիկ Ղարիպեանին ինչպէս նաեւ Ճափոնիայի Դեսպանատան կրթական օժանդակութեան պատասխանատու` Օրդ․ Մարգրիտ Խալոեանի։

 Մեծարգոյ հիւրերուն ընդունեց Իրաքահայ Թեմի Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ․ Օշական Վրդ․ Կիւլկիւլեան։

 Հիւր Դեսպանին  ծանօթանալէ ետք,  ինչպէս նաեւ եկեղեցիին ու գաղութին   վերաբերող թեմաներու շուրջ զրուցելէ ետք՝ Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը  պատուարժան հիւրերուն հետ  այցելեցին Առաջնորդանիստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ սքանչելի եկեղեցին, ապա առաջնորդարանի թանգարանն ու Ազգային վարժարանը, ուր դիմաւորուեցան տնօրէնութեան կողմէ։

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: