Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ հոգշ. Տ. Օշական Կիւլկիւլեանի թելադրանքով, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ` պարոն Կարապետ Գալուստեան ներկայ եղաւ Ասորական հին Արևելեան եկեղեցւոյ նորընտիր Պատրիարք_ Կաթողիկոս` Մար Կիորկիս երրորդի գահակալութեան  և օծման արարողութեան, որը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Յունիս 9, 2023ին Պաղտատի Սուրբ Աստուածածին Ասորական եկեղեցւոյ մէջ։

Վարչութեան ատենապետը նորընտիր Կաթողիկոսին փոխանցեց  Թեմիս բարեջան Առաջնորդի շնորհաւորանքն ու բարեմաղթանքները։

Կը կարեւորենք յիշել որ Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը, Միաբանական ժողովի մասնակցելու պատճառով,  այս օրերուն կը գտնուի Հայաստան։

About The Author

By iamc