Skip to content
Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ հոգշ.Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան, Օգոստոսի 1ին ընդունեց Քրիստոնէից, Եզտի և Մէնտայի Կրօններու Աւանդապահութեան Տնօրէնութեան վարչական գործերու ընդհ. տնօրէն Պարոն Նովագ Պետրոսեանը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան մեր Եկեղեցւոյ և համայնքին հետ առնչուող Աւանդապահութեան ապագայ ծրագիրները։ Աւարտին, Պարոն Պետրոսեան յուշանուէր մը յանձնեց Հայր Սուրբին, Իրաքահայ Թեմին Առաջնորդ ընտրուելու առաջին տարեդարձին առիթով։ Իր հերթին, Առաջնորդ Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց և շնորհաւորեց զինքը յիշեալ Աւանդապահութեան մէջ ստանձնած պաշտօնին համար։
About The Author