Յուլիս 31ի առաւօտուն, مؤسسة الشهيدين الصدرين Շիիթ հաստատութեան նախագահ Շեյխ Ալաա Էլ_Լամի, այլ կրօնականի մը ընկերակցութեամբ այցելեց Իրաքի Հայոց Առաջնորդանը և ընդունուեցաւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանի կողմէ։ Բարեկամական ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ երկու կողմերը քննարկեցին զանազան հարցեր, յատկապէս Իսլամ և Քրիստոնեայ ժողովուրդներու միջև արմատացած սերտ յարաբերութիւններու մասին։ Հիւր կրօնականները անդրադարձան Շուետի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ցաւալի դէպքին մասին, ուր Սէլուան կոչուած Իրաքցի Քրիտոնեայ մը այրած է Իսլամութեան Սուրբ Գիրք Ղուրանը, արարք` զոր կը խարխլէ ու կը պղտորէ երկու կրօններու հետեւորդներուն միջև հարիւրաւոր տարիներու ընթացքին խորարմատներ թողած Բարեկամական յարաբերութիւնները։ Այս առիթով Շիիթ հաստատութեան նախագահը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ամբողջ Իրաքահայութեան, վերոյիշեալ անհատի արարքը հերքելուն համար, ապա երախտիքի խօսք` Առաջնորդ Հայր Սուրբին, որն իր Յուլիս 1 թուակիր գրութեամբ հրապարակաւ հերքեց ու քննադատեց Սէլուան կոչեցեալի ամօթալի և անընդունելի արարքը։ Առաջնորդ Հայր Սուրբը, կրկին անգամ դժկամութիւն ու խոր ցաւ յայտնեց եղածին համար։ Ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով որ “Քրիստոնեաներուս համար այսպիսի արարք մը խստիւ մերժուած է և քննադատելի. Քրիստոնէութիւնը սիրոյ վրայ հիմնուած կրօնք է, իսկ այս անհատին ըրածը հեռու է Քրիտոնէութեան սերմանած սկզբունքներէն։” Հանդիպման ներկայ եղաւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ` պարոն Շանթ Յարութիւնեանը։