Երէկ Հոկտեմբերի 9ին, Սուրբ Գայանէ Վանքին մէջ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ` Գեր. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը մատուցեց եպիսկոպոսական ուխտի պատարագը։
Սրբազան Հայրը, Կիրակի Հոկտեմբերի 8ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ձեռամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։
Կը կարեւորենք յիշել որ Սուրբ Պատարագին Հայաստանցի հաւատացեալներու կողքին ներկայ եղաւ նաեւ Իրաքահայերու պատուիրակութիւնը որն ուխտաբար մեկնած էր Մայր Հայրենիք մասնակցելու Սրբազան Հօր ձեռնադրութեան արարողութեան։





















