Skip to content
Ուրբաթ, 29 Դեկտեմբեր, 2023-ի առաւօտեան, Իրաքահայ Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գեր. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը հովանաւորեց Պաղտատի Ազգային Վարժարաի եւ Մակապարտէզի Նոր Տարուան հանդէսը:
Մեր սիրասուն փոքրիկներու ամանորեան եւ ազգասիրական երգերը, պարերն ու արտասանութիւնները մեծ խանդաւառութիւն առաջացուցին ներկաներուն մօտ:
Հանդէսը, որը տեղի ունեցաւ վարժարանի կիւլպէնկեան սրահին մէջ, ներկայութեամբը կեդրոնական վարչութեան, Կրթական յանձնախումբին, Առաջնորդարանի անձնակազմին, Ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն՝ փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ոգեշնչող եւ դաստիարակիչ խօսքով:
Յատկանշական է, որ սոյն հանդէսին վկայականներ բաշխուեցան նախկին ուսումնական տարուայ շրջանաւարտներուն:
Յ.Գ
Առաջնորդարանի Տեղեկատուական գրասենեակը շնորհակալութիւն կը յայտնէ պարոն Րաֆֆի Լուսեանին և օրդ. Մարիամ Մարտիրոսեանին լուսանկարները տրամադրելու համար։
About The Author