Երկուշաբթի, 26 Փետրուար 2024-ին, ՀՀ Վսեմաշուք Նախագահ Պարոն Վահագն Խաչատուրեանը պաշտօնական այցով ժամանեց Իրաք:
Նոյն երեկոյ Նորին Վսեմութիւնը Իր կեցութեան հիւրասրահէն ներս ընդունեց՝ Իրաքահայ Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Եպիսկոպոս Կիւլկիւլեանը, հոգեւորականաց դասը, Իրաքահայ Թեմի Ազգային Իշխանութիւնը, Առաջնորդարանին առնթեր գործող յանձնախումբերու եւ հայ միութենական հաստատութիւններու պատասխանատուները ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի քահանայ հայրն ու ներկայացուցիչները:
Իր ողջոյնի խօսքէն ետք՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը համառօտ կերպով ներկայացուց Իրաքահայ համայնքի պատմութիւնը նաեւ համայնքի զաւակներուն անունով խորազգաց երախատագիտութիւն յայտնեց Վսեմաշուք Նախագահին յԻրաք պատմական այցելութեանը համար, ապա որպէս յուշանուէր, Իրաքի մշակոյթը խորհրդանշող Արմաւենիի նմոյշ մը յանձնեց Նորին Վսեմութեան:
Իր հերթին Պարոն Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր եւ Իրաքահայ համայնքին, ապա անդրադարձաւ Հայաստանի իրավիճակի մասին նաեւ լուսաբանութիւններ տուաւ ներկաներու հարցերուն:
Առաջնորդարանի տեղեկատուական գրասենեակ
Լուսանկարները`
Րաֆֆի Լուսեան















