Ըստ սովորականին, այսօր, Մարտ ամսուայ առաջին Կիրակին, երեկոյեան ժամը 4։30ին, հանդիսապետութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գեր. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի` Ս. և Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Պաղտատի Սուրբ Աստուածածին դարաւոր եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագիչն էր արժ. Տ. Գէորգ քհնյ. Արշակեանը։





