Զատկական շնոհաւորաքներ ընդունելու նպատակով, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը երեքշաբթի օր, ամսոյս 2ին Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Գերմանիոյ Պավարիայ շրջանի Աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները, որոնք ո՛չ հեռու անցեալին իրենց նպաստը բերած էին Հաւրէզք հայաբնակ գիւղի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքներուն։
Հանդիպման, որուն ներկայ եղաւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ պարոն Կարապետ Գալուստեանը` քննարկուեցան Իրաքահայութեան ներկայ վիճակին հետ առնչուող հարցեր։