Ամսոյս 4ին, Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը ընդունեց Շիիթ բարձրաստիճան հոգեւորականներ, որոնք փոխադարձ այցելութեամբ եկած էին երախտիքի խօսք յայտնելու Սրբազան Հօր, Իսլամական ԻԻՏի առիթով իրենց այցելած ըլլալուն համար։
Յետ հանդիպման` պատուիրակութիւնը այցելեց Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին և իր հիացմունքը արտայայտեց հայկական իւրայատուկ ճարտարապետութեամբ կառուցուած այդ հոգեւոր տան։
Հանդիպման ներկայ եղաւ արժ. Տ. Գէորգ քհն. Արշակեանը։













