Ընդառաջելով “ՄԵՍԱՐԱԹ” Մշակոյթի և Մետիայի Զարգացման Հաստատութեան (مؤسسة مسارات) գլխաւոր համակարգող դոկտոր Սաատ Սէլլումի հրաւէրին` Իրաքահայ Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեան իր կարևոր մասնակցութիւնը բերաւ յիշեալ հաստատութեան կազմակերպած ասուլիսին, որուն կը մասնակցէին նաեւ քանի մը տասնեակ Իսլամ, Քրիստոնեայ և այլ կրօններու և յարանուանութեանց Առաջնորդներ, կրօնապետեր, դիւանագէտներ ու պատասխանատուներ։
Ասուլիսի նպատակն էր կոչ ընել մաս մը պատասխանատուներուն յորդորելով զանոնք հերքելու և կասեցնելու ատելութիւն սերմանող ճառերը, փոխարէնը` սէր ու համերաշխութիւն տարածելու ժողովուրդի բոլոր խաւերուն մէջ ։
Սրբազան Հայրը իր ուղերձին մէջ սա կարեւոր մէջբերումը ըրաւ. — “բոլորիս պատասխանատւութիւնն է դիմակայելու ատելութեան խօսքը։
Բառերը շատ հզօր են և ոյժ ունին ազգերը միաւորելու բարիքի միասնական գործի շուրջ։ Նոյն դիւրութեամբ կարողութիւն ունին եղբայրը եղբօր դէմ, ազգը ազգի դէմ դարձնելու կարողութիւն։”
Յատկանշական է որ ասուլիսի բացման խօսքը արտասանեց Իրաքի և ամբողջ աշխարհի Քաղդէացւոց Հոգեւոր պետ` Նորին Սրբութիւն Լուիս Սագօ Պատրիարքը։
Կը կարեւորենք յիշել նաեւ, որ Սրբազան Հօր կ՜ընկերակցեր Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ պարոն Կարապետ Գալուստեանը։
Արամ Սրկ. Քէթէնճեան
2 Յուլիս, 2024









