Յուլիսի 25-ին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը ընկերակցութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ պարոն Կարապետ Գալուստեանի և ատենադպիր պարոն Պերճ Թիւֆէնկճեանի` քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Հայաստանի մօտ Իրաքի Դեսպանութիւն և ընդունուեցաւ նորանշանակ հաւատարմատար դոկտոր Ալի Ապտ Ալ Քէրիմի կողմէ։

Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց հաւատարմատարը մաղթելով յաջողութիւն իր նոր պաշտօնին մէջ։

Այս առիթով  գնահատանքի խօսքեր արտայայտուեցան Իրաքահայ գաղութին  և երկարատեւ պատմութեան  մէջ անոր արձանագրած յաջողութիւններու մասին։

About The Author

By iamc