13 Հոկտեմբեր 2022-ին, հովանաւորութեամբ՝ Պրն․ Հուսէյն Ալ-Սաիտի, Պաղտատի թենիս խաղցողներու միութիւնը Ալ-Շաապ միջազգային մարզադաշտին մէջ՝ կազմակերպեց մրցոյթ մը, (8-14) տարեկան տղաներու եւ աղջիկներու համար։ Մրցոյթին մասնակցեցաւ Պաղտատի կողմէ՝ ՀՄԸՄ-ը, 2 խաղցողներով։ Առաջին եւ երկրորդ հորիզոնականները համապատասխանաբար գրաւեցին Շողեր Թովմասեանը եւ Ալի Հուսէյնը։




