Սուրբ Աստուածամօր Վերարփոխման հրաշալի Տօնը Պաղտատի տարբեր   յարանուանութիւններուն՝ Իսլամ եւ Քրիստոնեայ ու մանաւանդ Հայ ազգի զաւակներուն համար հաւատքը խորացնող ու հոգիները անդորրացնող անսպառ աղբիւր է: Այս հոգեհարազատ Տօնին շաբաթը աննկարագրելի եռուզեռ մը կ՛ապրի Պաղտատի Հայ Առաքելական «Ս. Աստուածածին»  դարաւոր եկեղեցին (հիմն. 1639): Հաւատացեալները ամբողջ շաբթուան ընթացքին, առաւօտեան ժամերէն մինչեւ ուշ գիշեր կը վխտան այդ նուիրական ուխտատեղին եւ սրտաբուխ աղօթքներով կը հայցեն Սուրբ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը:

Այս Տօնի կապակցութեամբ Շաբաթ օր երեկոյեան, Օգոստոսի 17ին  հոծ բազմութեան ներկայութեամբ կատարուեցաւ  Սուրբ Աստուածամօր Վերարփոխման Նախատօնակը։

Արամ սրկ. Քէթէնճեան

Լուսանկարները` Մասիս Մեսրոպեան

About The Author

By iamc