Կիրակի, Յունուարի 5-ին Ճրագալոյցի Սբ. և Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Պասրայի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Պատարագիչն էր Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը։
Կը կարեւորենք յիշել որ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Պասրա տուած Իր հովուական այցելութեան, կ՜ընկերակցեր արժ. Տ. Արտակ քհն. Միրզոեանը։













