Չորեքշաբթի 26, Մարտ 2025-ին, հանդիսապետութեամբ Իրաքահայ թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի` Պասրայի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեացաւ խաղաղական եւ հանգստեան ժամերգութիւն։ Ժամերգութեան աւարտին Սրբազան Հայրը օրուայ առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ հաւատացեալներուն բացատրեց մեծ պահքի եւ միջինքի իմաստը։ Աւարտին եկեղեցւոյ բակին մէջ միջինքի գատան օրհնուելէ ետք` բաշխուեցաւ հաւատացեալներուն։
Կը կարեւորենք յիշել որ Թեմիս բարեջան Առաջնորդը ընկերակցութեամբ արժ. Տ. Արտակ քհն. Միրզոյեանի` հովուական այցելութեամբ մեկնած է Պասրա։





















