Հովանաւորութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի, ամսոյս 17ին Տհօքի Ս. ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս միջոցառում   տեղի ունեցաւ ի պատիւ Էրպիլի մէջ ՀՀ նախկին և  նորանշանակ հիւպատոսներուն։ Հանդիպման ընթացքին, Տհօքի հոգեւոր հովիւ արժ.  Տ.  Մասիս քհն. Շահինեանը Թաղական Խորհուրդի անունով  “Սուրբ Ներսէս Շնորհալի” Վահան յանձնեց պարոն Անդրանիկ Յարութիւնեանին, Էրպիլի մէջ  որպէս Հիւպատոս իր պաշտօնը աւարտելուն առիթով, միեւնոյն ատեն բարի գալուստ և յաջողութիւն մաղթեց նորանշանակ հիւպատոս պարոն Ռաֆայել Մովսէսեանին։

Հանդիպման ներկայ եղան Տհօքի Թաղական Խորհուրդի  ատենապետն ու անդամներէն ոմանք ինչպէս նաեւ Էրպիլի Թաղականութեան ատենապետը։

Առաջնորդարանի Տեղեկատուական գրասենեակ

About The Author

By iamc