Հինգշաբթի օր, Յունուար 23-ին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ․ Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը, ընկերակցութեամբ Թեմիս արժանապատիւ քահանայ հայրերուն, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետին և անդամներուն ինչպէս նաեւ Թաղական խորհուրդներու ատենապետներուն եւ անդամներերուն` այցելեց Քիւրտիսդանի Տեմոգրաթ կուսակցութեան Տհօքի Մարզի պատասխանատու պարոն Սարպաստ լազկինին, շնորհաւորելու անոր և բարեմաղթանքներ յայտնելու նոր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով։ Իր հերթին Պարոն Լազկինին խորազգաց երախտագիտութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր պատուաբեր այցելութեան համար։
Առաջնորդարանի Տեղեկատուական գրասենեակ



