Ուրբաթ օր, ամսոյս 24ին Սուրբ և Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Տհօքի Սբ. ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ մէջ նախագահութեամբ Իրաքահայ Թեմի բարեխնամ առաջնորդ` Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի։
Պատարագիչն էր արժ. Տէր Սեպուհ Քհն. Պաղտասարեանը։ Այս հոգեպարար արարողութեան ներկայ եղան Իրաքահայ Թեմի Հոգեւորականաց դասը, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ու անդամները ինչպէս նաև Թաղական խորհուրդներու ատենապետներն ու անդամները, որոնք այս օրերուն կը գտնուին Տհօք` Թեմական ժողովին մասնակցելու նպատակով։ Կը կարեւորենք յիշել որ հաւատաւոր ժողովուրդի կողքին, Սուրբ Պատարագին ներկայ եղաւ Էրպիլի մէջ ՀՀ նորանշանակ հիւպատոս տիար Ռաֆայել Մովսէսեանը։
Առաջնորդարանի Տեղեկատուական գրասենեակ







































