Ամսոյս 18-ին Տհօքի Սբ.  Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած Թաղման Կարգին ներկայ ըլլալուն առիթով` Քուրտիստանի Խորհրդարանի պատգամաւոր և Քրիստոնեաներու ներկայացուցիչ  դոկտոր Ջէյմս Հաստո`  հետեւեալ գրաւոր տպաւորութիւնը արձանագրած է որը, Արեւմտահայերէնի վերածելէ ետք կ’արտատպենք նոյնութեամբ։

<<Այսօր մենք ուրախ էինք Տհօքի մեր հայ եղբայրներու հետ մասնակցելու Նոհատրայի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուող Աւագ Ուրբաթի աղօթքին և ծէսին՝ առաջնորդութեամբ Իրաքի Հայ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Օշական եպիսկոպոս Կիւլկիւլեանի և  խումբ մը  հաւատացեալներու։ Նորին Սրբազնութեան հետ հանդիպման ժամանակ մենք հաստատեցինք մեր աջակցութիւնը մեր հայ եղբայրներու օրինական իրաւունքներու ապահովմանը։ Մենք մեր մեծ երախտագիտութիւնը յայտնեցինք անոնց ազնիւ  դերի համար, յատկապէս Հայաստանի մէջ իրենց Քաղդէացի ասորի եղբայրներու գործերուն  ու գործունէութեանը անոնց   անկեղծ աջակցութեան համար>>։

About The Author

By iamc