Օրհնութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի` հինգշաբթի օր, ամսոյս 24ին, Պաղտատի Ազգային Վարժարանը եւ Մանկապարտէզը ձեռնարկ մը կազմակերպեցին նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին։ Այս առիթով վարժարանի փոքրիկները հանդէս եկան ազգային բանաստեղծութիւններով ու երգերով։ Ձեռնարկին ներկայ եղան կեդրոնական վարչութեան անդամ Պրն․ Վարդան Մոնճողլեանը, Դիւանապետ Պրն․ Յակոբ Սահակեան, Ազգային նախակրթարանի տնօրէն` դոկտոր Սապահ Իլիիյաը եւ ուսուցչական կազմը։


















