Իրաքի “Մէսարաթ” հաստատութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած “Կրօնքներու Երկխօսութիւն” ծրագիրին ծիրէն ներս,  Երեքշաբթի օր, Ապրիլի 29ին,  Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդը  իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Իրաքի  կրօնական տարբեր համայնքներէ խումբ մը երիտասարդներ, որոնք օգտուելով այս առիթէն տեղեկութիւններ ըմբոշխնեցին ու ծանօթացան հայ  եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն եւ ծէսերուն մասին։ Հանդիպման աւարտին, Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր պարոն  Պերճ Թիւֆէնկճեանը հիւր  երիտասարդներուն խօսեցաւ 1915 թուականին կազմակերպուած  Հայոց Ցեղասպանութեան և անոր  հետեւանքներուն   եւ ազդդեցութիւններուն  մասին։

About The Author

By iamc