Մայիս 6ի առաւօտուն, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Իրաքի Քրիստոնէութեան, Եզտի և այլ կրօններու Աւանդապահութեան Դիւանի  նախագահ դոկտոր Րամի Ժոզէֆ Աղաջանը և Աւանդապահութեան այլ  պատասխանատուներ։ Ողջոյնի եւ բարեմաղթանքներ փոխանակելէ ետք`  հիւրերը առաջնորդուեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի ուր ժամանակէ մը ի վեր կը կատարուին հիմնաւոր նորոգութիւններ։ Հանդիպման ներկայ եղան պրոնայք  Կարապետ Գալուստեանը եւ  Վարդան Մոնճողլեանը։

About The Author

By iamc