Ամսոյս 6ին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը հանդիպում ունեցաւ Առաջնորդարանի աշխատակազմին հետ, ի պատիւ Տ. Արտակ Քհնյ․ Մերզոյեանի, Իրաքի մէջ իր հոգեւոր ծառայութեան աւարտի առիթով։ Հանդիպման ներկայ եղան Քահանայ Հայրերը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետն ու անդամները։
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը արժեւորեց Տէր Հօր անձնուէր ծառայութիւնը, ընդգծելով անոր նուիրուածութիւնը եկեղեցիին եւ հաւատացեալներուն, նաեւ իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց անոր կատարած ծառայութեան համար։












