Մայիս 6ի առաւօտուն, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Իրաքի Քրիստոնէութեան, Եզտի և այլ կրօններու Աւանդապահութեան Դիւանի նախագահ դոկտոր Րամի Ժոզէֆ Աղաջանը և Աւանդապահութեան այլ պատասխանատուներ։ Ողջոյնի եւ բարեմաղթանքներ փոխանակելէ ետք` հիւրերը առաջնորդուեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի ուր ժամանակէ մը ի վեր կը կատարուին հիմնաւոր նորոգութիւններ։ Հանդիպման ներկայ եղան պրոնայք Կարապետ Գալուստեանը եւ Վարդան Մոնճողլեանը։


















