Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը, այս օրերուն, հրաւէրովը Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ Սերովբէ Եպս. Իսախանեանի, այցելած է Գերմանիա և Հոգեգալստեան Տօնին պատարագ մատուցած Քէօլնի Ս. Սահակ- Ս. Մեսրոպ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
Պատարագէն ետք Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցած է Գերմանիա հաստատուած խումբ մը նախկին Իրաքահայերու հետ որու ընթացքին խօսեցած է գաղութի անցեալի և ներկայի մասին, ապա բացատրութիւններ տուած անոնց հետաքրքրող հարցերուն:







