Սուրբ Աստուածամօր Վերափոխման Տօնին շաբաթը, Պաղտատի Սուրբ Աստուածածին Հայ Առաքելական եկեղեցին ընդունեց տարբեր դաւանանքներու և յարանուանութիւններու պատկանող հարիւրաւոր հաւատացեալներ։ Հայ ուխտաւորներու կողքին` եկեղեցին այցելեցին ու տակաւին կ’այցելեն Քրիստոնեայ այլ համայնքներու հաւատացեալներ և Իսլամ ուխտաւորներ։ Անոնք բոլորն ալ ակնյայտ երկիւղով ու հաւատքով կը խնդրեն Սուրբ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը։
Կը կարեւորենք յիշել որ Հայ Եկեղեցասիրաց Կազմի (ՀԵԿ) երկսեռ երիտասարդութիւնը այս օրերուն ջանք չխնայեց զանազան ձեւերով օգնութեան ձեռք մեկնելու Առաջնորդարանին առընթեր գործող Եկեղեցապան Մարմինի խիստ գնահատելի և անձնուրաց գործունէութեան։
Լուսանկարները` Մասիս Մեսրոպեան
























