Հանդիսապետութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի, Ուրբաթ օր,  Օգոստոսի 15ին,  Սուրբ և Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Պաղտատի Սբ.  Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագը մատուցեց  Հոգշ․ Տ․ Դերենիկ աբեղայ Սահակեանը,   որը,  Արժ․ Տ․ Առէն քհնյ․    Մարտիրոսեանի  հետ ծառայութեան կոչուած է Իրաքահայ Թեմին մէջ։ Պատարագի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օծեց,  Յիսուս Մանուկը գրկած Սբ․ Աստուածամօր պատկերը։ Այս հոգեպարար արարողութեան Ներկայ  եղան`Հոգեւորականաց Դասը, ՀՀ  Դեսպանութեան հիւպատոս Օրդ․ Զարուհի Ներսէսեանը, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամները, Եկեղեցապան Մարմնի անդամները եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն։

Լուսանկարները՝

Րաֆֆի Էմրի Լուսեան

About The Author

By iamc