Օգոստոս 27 ի առաւօտեան, Թեմիս  Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս.  Կիւլկիւլեանը իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Մոսկուայի Պետական Համալսարանէն խումբ մը ուսանողներ  եւ անոնց ուղեկցող պատուիրակութիւնը ։

Պատուիրակութիւնը կը կազմէր Իրաքի Ռուսական Տան նախագահ Դոկտ. Ալք Խալըտի, եւ Կրթական Զարգացման Կազմակերպութեան նախագահ դոկտ. Ամար Խալըտի։

Հանդիպման ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Առէն քհն. Մարտիրոսեանը։

About The Author

By iamc