Չորեքշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2025ին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը իր գրասենակէն ներս  ընդունեց Պաղտատի ՀՄԸՄ-ի վարչութեան ատենապետ Պրն․ Րաֆֆի թովմասեանը  եւ փոխ ատենապետ Պրն․ Րաֆֆի լուսեանը։ Հանդիպման, ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն յաջողութիւնները պարզելէ ետք` վարչականները  Սրբազան Հօր յանձնեցին  2025 թուականի  Սեպտեմբեր ամսու  18- 20 օրերուն տեղի ունեցած Միութեան 40-րդ շրջանային մարզահանդէսի վահանը։

 Աւարտին Սրբազան Հայրը  շնորհակալութիւն  յայտնեց այցելութեանը  համար մաղթելով ՀՄԸՄ-ին նորանոր յաջողութիւններ։

Հանդիպման ներկայ եղաւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Պրն․ Կարապետ Գալուստեանը։

About The Author

By iamc