2026-ի Յունուար 4ին, Նոր տարուայ եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը Ազգային Ծերանոցի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Ասորական Տէմոքրաթ կուսակցութեան պատուիրակութիւնը։ Հանդիպման ներկայ եղաւ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Պրն. Կարապետ Գալուստեան։




