Շաբաթ օր, Յունուար 3-ին, գլխաւորութեամբ Նորին Ամենապատւութիւն Մար Կիորկիս Գ Պատրիարքին, Ասորական Արեւելեան Հին Եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս կայացաւ Քրիստոնեայ Համայնքապետերու Խորհուրդի հերթական ժողովը, որուն ներկայ եղաւ նաեւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը և կարգ մը այլ հոգեւոր պետեր։
Ժողովին քննարկուած են Իրաքի Քրիստոնեաներուն հետ առնչուող հարցեր։




