Կիրակի, Փետրուար 1-ին, հանդիսապետութեամբ Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի Պաղտատի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագը մատուցեց Արժ. Տ. Սեպուհ քհն. Պաղտասարեանը։ Աւարտին կատարուցաւ Սկիհներու օրհնութեան կարգ։ Ներկայ եղան հոգեւորականաց դասը, Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետը եւ անդամները, Եկեղեցապան Մարմնի անդամները եւ հաւատացեալներու








