Փետրուար 9-ին, Էրպիլի քաղաքի Անքաուա թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Խաչ կաթողիկէ վանքին մէջ, նախագահութեամբ Իրաքի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի, մեկնարկեց քահանայից տարեկան երկրորդ հաւաքի առաջին օրը։
Հաւաքը բացուեցաւ միասնական աղօթքով եւ ժամերգութեամբ, որոնց ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնի նախատօնակը։
Քահանայից հաւաքը առիթ է հոգեւոր սպասաւորներու միասնութեան զօրացման, հոգեւոր վերազինման եւ համատեղ խորհրդածութեան՝ ի սպաս մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալ ժողովուրդին։