Այսօր՝ Փետրուարի 10-ին, քահանայից հաւաքի երկրորդ օրը սկսաւ միասնական աղօթքով։ Ապա, նախագահութեամբ Իրաքի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի, հոգեւոր հայրերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ քահանայից նիստ։
Նիստի բացման խօսքով հանդէս եկաւ Առաջնորդ Սրբազանը՝ նախ շնորհաւորելով քահանայ հայրերը Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնի առիթով, ապա խօսելով քահանայի կոչման եւ առաքելութեան մասին։
Յաջորդաբար Հոգեշնորհ Տ. Դերենիկ աբեղայ Սահակեանը ներկայացուց «Ղեւոնդ երէցը երէկ եւ այսօր» թեման։ Այնուհետեւ Տ. Մասիս քհն. Շահինեանը խօսեցաւ «Քահանայական կոչման համար համապատասխան միջավայրի ստեղծում» նիւթին շուրջ, ապա Տ. Յակոբոս քհն. Իսահակեանը ներկայացուց «Հոգեւորականի առաքելութիւնը», իսկ Տ. Սեպուհ քհն. Պաղտասարեան՝ «Հոգեւորական կերպարը» թեման։
Քննարկման ընթացքին կարեւորուեցաւ հոգեւորականի դերը, նուիրումը եւ ծառայասիրութիւնը՝ հոգեփրկչական եւ ազգապահպանութեան նուիրական առաքելութեան մէջ։







