Մարտի 21ի առաւօտուն, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Իրաքի Քրիստոնէութեան, Եզտի և այլ կրօններու Աւանդապահութեան Դիւանի նախագահ դոկտոր Րամի Ժոզէֆ Աղաջանը։ Հանդիպման ներկայ եղան Քահանայ Հայրերը եւ կեդրոնական վարչութեան ատենապետը ու անդամներէն ոմանք։





