Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Իրաքահայոց Թեմի առաջնորդական ընտրութիւններուն մասնակցելու նպատակով, Յուլիս 21-ին Իրաք ժամանեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններ՝ Հոգեշնորհ Տ. Ներսեհ Վարդապետ Խալաթեան եւ Հոգեշնորհ Տ. Անդրանիկ Վարդապետ Գէորգեան։

Իրենց այցելութեան առաջին օրը հայր սուրբերը այցելեցին Իրաքահայոց Թեմի Առաջնորդարան, ուր զիրենք ընդունեց Իրաքահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Օշական Եպիսկոպոս Կիւլկիւլեան։ Ջերմ եւ եղբայրական մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան թեմի հոգեւոր եւ համայնքային կեանքին առնչուող հարցեր։ Առաջնորդարան այցելութեան ծիրին մէջ հայր սուրբերը նաեւ առիթ ունեցան ծանօթանալու Առաջնորդարանի զանազան բաժիններուն եւ կառոյցներուն։

Այնուհետեւ հայր սուրբերը այցելեցին Պաղտատի Մէյտանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, ծանօթացան եկեղեցւոյ պատմութեան եւ շրջեցան Իրաքի շարք մը պատմամշակութային ու տեսարժան վայրերով։

Այցելութեան ծիրին մէջ Հոգեշնորհ հայրերը հանդիպում ունեցան նաեւ Իրաքահայոց Թեմի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետին եւ Վարչութեան ներկայ անդամներուն հետ, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ. Պաղտատի մասնաճիւղի Վարչութեան անդամներուն հետ։ Հանդիպումներուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ համայնքային կեանքի ներկայ վիճակին, ազգային կառոյցներու գործունէութեան եւ ապագայի ծրագիրներուն։

Առաջիկայ օրերուն հայր սուրբերը պիտի այցելեն թեմի զանազան համայնքներ, պիտի հանդիպին հայկական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, պիտի այցելեն եկեղեցիներ, պիտի մատուցանեն Սուրբ Պատարագներ եւ աւելի մօտէն պիտի ծանօթանան Իրաքահայ համայնքի կեանքին։

About The Author

By iamc