Հետեւեալ շնորհաւորագիրը ստացանք բարեշնորհ Արամ սրկ. Քէթէնճեանէն, որը կ՜արտատպենք նոյնութեամբ։

(Առաջնորդարանի Տեղեկատուական գրասենեակ)

Մայիսի 13ը կը զուգադիպի Իրաքահայ Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի (օրին Վարդապետ) առաջնորդութեան չորրորդ տարեդարձը:

Այս ուրախալի առիթով ի սրտէ կը շնորհաւորեմ Սրբազան Հայրը՝ երախտագիտութեամբ յիշելով Իր հոգեւոր ծառայութիւնը,  հայրական հոգատարութիւնն ու ազգային-եկեղեցական կեանքի զօրացման համար տարած նախանձախնդիր աշխատանքը Իրաքահայ համայնքի բոլոր զաւակներուն անխտիր:

Սրբազան Հայր, բոլորիս աղօթքն է որ Աստուած Ձեզ պարգեւէ քաջառողջութիւն, անսպառ կորով եւ երկարամեայ արդիւնաւէտ ծառայութիւն՝ ի պայծառութիւն Սուրբ եկեղեցւոյն եւ ի բարօրութիւն Իրաքահայ բարեպաշտ հաւատացեալներուն:

Արամ սրկ. Քէթէնճեան

14 Մայիս, 2026թ.

About The Author

By iamc