Մայիս 29-ին, Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը իր մասնակցութիւնը բերաւ նորընտիր Պատրիարք Նորին Սրբութիւն Մար Փոլիս Գ. Նունայի օծման եւ գահակալութեան հանդիսաւոր արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Սուրբ Յովսէփ Քաղդէացւոց Եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան ներկայ էին Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու պետեր, հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ տարբեր եկեղեցիներու եւ կրօնական համայնքներու աշխարհիկ ու հոգեւոր ներկայացուցիչներ։

About The Author

By iamc