17 Յուլիս 2026-ին, հանդիսապետութեամբ Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի, Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագը մատուցեց Արժ. Տ. Առէն Քհնյ. Մարտիրոսեանը։ Աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ կատարուեցաւ գրակալի օրհնութեան կարգը։ Ապա Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնն ու գնահատանքի խօսքը յղեց նուիրատուներուն՝ բարձր գնահատելով անոնց նուիրումն ու եկեղեցանուէր ծառայութիւնը։ Արարողութեան ներկայ էին Իրաքի մէջ ՀՀ դեսպան Պրն. Ռուբէն Սողոյեանը, հիւպատոս Պրն. Արամազդ Մուրատեան, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Պրն. Կարապետ Գալուստեանը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն ոմանք։
Լուսանկարները՝
Օրդ։ Մարիամ Մարտիրոսեան












