14 Օգոստոս 2026-ին, հանդիսապետութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի, Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագիչ էր Արժ. Տ. Սեպուհ քհնյ. Պաղտասարեանը։ Պատարագի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի կաթսայի օրհնութեան հոգեպարար արարողութիւնը։ Ապա Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնն ու սրտագին գնահատանքը փոխանցեց նուիրատուներուն՝ բարձր գնահատելով անոնց եկեղեցաշէն ոգին, նուիրումն ու ծառայութիւնը, եւ մաղթելով, որ Աստուած առատապէս օրհնէ զիրենք ու իրենց ընտանիքները։ Արարողութեան ներկայ էին Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Պրն. Կարապետ Գալուստեանը ինչպէս նաեւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն ոմանք։
Լուսանկարները՝
Օրդ։ Մարիամ Մարտիրոսեան
























