Գլխաւորութեամբ Պասրայի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Դերենիկ Աբեղայ. Սահակեանի, այսօր՝ 21 Սեպտեմբեր 2026-ին, Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն ՀՀ անկախութեան 35- րդ տարեդարձի առիթով։ Արարողութեան ներկայ եղան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Պրն. Կարապետ Գալուստեանը եւ անդամներէն ոմանք։
Այս առիթով աղօթք բարձրացուեց առ Աստուած, որ խաղաղութեան մէջ պահէ Հայրենի մեր երկիրը, Իր Սուրբ Հոգւոյ իմաստութեամբ առաջնորդէ մեր ժողովուրդը եւ պարգեւէ անոր բարօր ու յառաջդիմական կեանք։
Ամէն
Լուսանկարները՛
Օրդ: Մարիամ Մարտիրոսեան








