ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

Քրիստոնեայ Բարձրաստիճան Կղերականներու Այցը Առաջնորդարան

Սեպտեմբերի 10ին, Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ, Թեմիս բարեջան  Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը ընդունեց Իրաքի, Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Գեր. Տ. Ղաթթաս Հէզիմ Եպիսկոպոսին, Արեւելեան Ասորական եկեղեցւոյ հոգեւորական՝ Տ. Իլիա Սահակ Եպիսկոպոսին ինչպէս նաեւ…

Posted on iamc

Այցելութիւն

Ուրբաթ օր, Սեպտեմբերի 9-ին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ․Օշական Վրդ․Կիւլկիւլեանը   ընդունեց (مؤسسة أمن الإعلامية) Հաստատութեան նախագահ՝ Պրն․ Ապտ Ալ-Քերիմ Մութլէկ-ին եւ անոր օգնականին, ընկերակցութեամբ Ս․ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ տնօրէն՝ Պրն․ Հովակիմ Ջոջաղայեանի։ Յետ ողջոյնի խօսքերու փոխանակման, հիւրերը բարձր գնահատեցին այլադաւան…

Posted on iamc

Իրաքի Մարդու Իրաւունքներու Պատասխանատուի Այցը Առաջնորդարան

Սեպտեմերի 7ին, Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը ընդունեց Իրաքի Մարդու Իրաւունքներու եւ Փոքրամասնութեանց պատասխանատու՝ Պարոն Ապտալլա Ալ-Ճպուրիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Յետ ծանօթութեան, քննարկուեցան փոքրամասնութիւններու եւ յատկապէս Հայ գաղութիւն հետ առնչուող հարցեր ու խնդիրներ: Հանդիպման,…

Posted on iamc

Հանդիպում Ազգային Վարժարանի Տնօրէնութեան եւ Ուսուցչական Կազմին Հետ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանի առաջնահերթ մտահոգութիւններէն մին եղաւ Ազգային Նախակրթարանի հետ առնչուած զանազան հարցերն ու դժուարութիւնները ուսումնասիրել ու լուծումներ գտնել: Այս նպատակը իրագործելու համար, Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը ամսոյս 3ի առաւօտուն առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ Նախակրթարանի…

Posted on iamc

Պաղտատի Մէջ Հայ Երիտասարդներու Մասնակցութիւնը Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Տօնական Շաբթուան Աշխատանքներուն

9-15 Օգոստոսի, 2022-ին, Պաղտատի հայ երիտասարդները եւ ՀԵԿ-ի անդամները մասնակցեցան Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մաքրման աշխատանքներուն, նաեւ Վերափոխման տօնին շաբթուան ընթացքին կազմակերպեցին հաւատացեալներու այցելութիւնը Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցի: Աւելցնենք, որ երիտասարդները եւ ՀԵԿ-ի անդամները մասնակցեցան  Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ…

Posted on iamc

Պատարագ Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

14 Օգոստոս 2022-ին, հանդիսապետութեամբ’ Իրաքահայ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանի, Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման  տօնին առթիւ։ Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւն։ Ներկայ էին՝ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ…

Posted on iamc

Պատարագ Պաղտատի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

13 Օգոստոս 2022-ին,  հանդիսապետութեամբ՝ Իրաքահայ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանի Պաղտատի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Շողակաթի Ս. Էջմիածնի եւ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման  տօներուն առթիւ։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւն։ Ներկայ էին՝…

Posted on iamc

Պատարագ Պաղտատի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

17 Օգոստոս 2022-ին, օրհնութեամբ՝ Իրաքահայ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանի եւ գլխաւորութեամբ՝ Իրաքի մէջ Ղպտի եկեղեցւոյ առաջնորդ Հայր Մինա Ալ-Օրշալիմի, Պաղտատի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Այս հոգեպարար արարողութիւնը կ՛ամրապնդէ Առաքելական եկեղեցիներու…

Posted on iamc

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը՝ Խաղաղութեան Հանգրուան

15 Օգոստոս 2022-ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին հազարաւոր հաւատացեալներ այցելեցին հրաշագործ Պաղտատի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի։ Այս Տօնը դարձած է մեծ վկայութիւն մը ազգերու համատեղ խաղաղ կեցութեան՝ համերաշխութեան հանգրուան։

Posted on iamc

Հոգեւոր Հովիւի Նշնակում Պասրայի Հայ Համայնքին

Ամսոյս 4ին, Հինգշաբթի օր, Իրաքահայ Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան երեք օրեր տեւող հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Պասրա: Հայր Սուրբին կ՛ուղեկցէին՝ Պասրայի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Աբղ. Սաղաթէլեանը, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Ատենապետ Պրն. Մելքոն Մելքոնեանը եւ…

Posted on iamc