Հովանաւորութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի՝ Ուրբաթ 25 Ապրիլ 2025ին, Առաջնորդարանի առընթեր գործող Հայ Դատի յանձնախումբը,  մասնակցութեամբ Պաղտատի մէջ գործող Հայ միութենական հաստատութեանց,  կազմակերպեց գրական-գեղարուեստական երեկոյ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ յիշատակին: Յուշահանդէսը տեղի ունեցաւ Ի.Հ.Բ.Ը. Միութեան սրահին մէջ:  Միջոցառման  հնչեցին Հայրենասիրական երգեր,  բանաստեղծութիւններ և  օրուան պատշաճ թէ՛ հայերէն և թէ՛ արաբերէն լեզուներով ոգեշնչող խօսքեր։

Ազգանպատակ այս երեկոյթին Ներկայ եղան` Իրաքահայ Թեմի նախկին Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանը, որոշ Եկեղեցիներու Առաջնորդներ, Հոգեւորականաց դասը,  ՀՀ Դեսպան Պրն. Ռուբէն Սողոյեանը, Դեսպանութեան հիւպատոս Օրդ. Զարուհի Ներսէսեանը:   Իրաքի Քրիստոնէութեան Աւանդապահութեան նախագահ դոկտոր Րամի Ժոզէֆ Սուլտուզեանը, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ու անդամները, Պաղտատի մէջ գործող Հայ միութենական հաստատութիւններու ներկայացուցիչները, ՀՄԸՄ-Ի և Բարեգործական միութեան Սկաուտութիւնը ինչպէս նաեւ օտարազգի գիտաշխատողներ եւ հիւրեր:

About The Author

By iamc