ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

Ծննդեան Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագը Հաւրէզքի Մէջ

5 Յունուար 2022-ին, Հաւրէզքի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագը, ապա  կատարուեցաւ Քրիստոսի լոյսի մոմավարութիւնը։ Պատարագիչն՝ էր Արժ․ Տ․ Տիրան  Քհնյ․ Սարգիսեան։ Ներկայ էին տեղւոյն Թաղական խորհուրդի անդամները եւ հաւատացեալ ժողովուրդ։

Posted on iamc

Նռնօրհնէք Հաւրէզքի ՄԷջ

1 Յունուար 2022-ին, Հաւրէզքի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ նռնօրհնէքի արարողութիւն ձեռամբ՝ Արժ․ Տ․ Տիրան Քհնյ․ Սարգիսեանի, որուն յաջորդեց նուէրներու բաշխում գիւղի երեխաներուն։

Posted on iamc

Հաւրէզք Եւ Աւզրուկ Գիւղերուն Մէջ Օժանդակութիւն Բաշխուեցաւ

16 Դեկտեմբեր 2021-ին, օրհնութեամբ՝ Հաւրէզք եւ Աւզրուկ գիւղերու հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տ․ Տիրան քհնյ․ Սարգիսեանի եւ կազմակերպութեամբ՝ շրջանի վարչութեան, ICL կազմակերպութիւնը  օգնութիւն տրամադրեց Հաւրէզք եւ Աւզրուկ գիւղերու Հայ ընտանիքներուն։

Posted on iamc

Էրպիլի մէջ ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսի Այցը Հաւրէզք Գիւղ

26 Նոյեմբեր 2021-ին, Էրպիլի մէջ  ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոս Պրն. Արշակ Մանուկեան եւ Հիւպատոս Պրն. Անդրանիկ Յարութիւնեան այցելեցին Հաւրէզք գիւղ, ուր հանդիպում ունեցան գիւղի հայ համայնքին հետ։ Անոնց կ՛ուղեկցէին Էրպիլի Գրական եւ Մշակութային յանձնախումբի անդամները։ Ներկայ էին Հաւարէզք գիւղի հոգեւոր հովիւ…

Posted on iamc

Դպրոցական Պիտոյքի Բաժանում Հաւրէզքի Եւ Աւզրուկի Մէջ

6 Հոկտեմբեր 2021-ին, օրհնութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Տիրան քհնյ․ Սարգիսեանի եւ կազմակերպութեամբ՝ «Զուլալ» մարդասիրական հիմնադրամին եւ համագործակցութեամբ  համայնքապետի հետ, Հաւրէզքի եւ Աւզրուկի մէջ աշակերտներուն բաշխուեցան դպրոցական պայուսակներ եւ գրենական պիտոյքներ։

Posted on iamc

Խաչվերացի Տօնը Հաւրէզքի Մէջ

12 Սեպտեմբեր  2021-ին, Հաւրէզքի Սբ․ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տօնախմբուեցաւ եկեղեցական վերջին տաղաւար՝ Խաչվերացի տօնը։ Հանդիսապետութեամբ՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ․ Տիրան Քհնյ․ Սարգիսեանի մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որուն աւարտին կատարուեցաւ Անդաստան եւ ռեհանի օրհնութիւն ու բաժանում։ Ներկայ էին Հաւրէզքի…

Posted on iamc

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման Պատարագը Հաւրէզքի Մէջ

15 Օգոստոս 2021-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Արժ. Տ. Տիրան Քհնյ. Սարգիսեանի, Հաւրէզք գիւղի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ  Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը, մասնակցութեամբ՝ սակաւագաց եւ դպրաց դասերուն։ Ապա կատարուեցաւ խաղողօրհնէքի կարգը: Արարողութեան ներկայ էին բարեպաշտ հաւատացեալ ժողովուրդ։

Posted on iamc

Քրիստոսի Ս. Յարութեան Տօնը Հաւրէզքի Մէջ

4  Ապրիլ 2021-ին, հանդիսապետութեամբ Արժ. Տ. Տիրան Քհնյ. Սարգիսեանի, Հաւրէզք գիւղի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնը, մասնակցութեամբ՝ սակաւագաց եւ դպրաց դասերուն։ Արարողութեան ներկայ էին բարեպաշտ հաւատացեալ ժողովուրդ։

Posted on iamc

Նիւթական Օժանդակութիւն Ս. Զատկուայ Առթիւ

28 Մարտ 2021-ին, օրհնութեամբ՝ Հաւրէզեք եւ Աւզրուկ եկեղեցիներու Հոգեւոր Հովիւ Արժ․ Տ․ Տիրան քհնյ․ Սարգիսեանի  Ս. Զատկուայ առիթով՝ օգնութիւն տրամադրուեցաւ Հաւրէզք գիւղի ընտանիքներուն։

Posted on iamc

Հաւրէզքի Գիւղի ՄԷջ Նշուեցաւ Տեառնընդառաջի Նախատօնակը

13 Փետրուար 2021-ին, Հաւրէզք Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի տօնը: Հանդիսապետութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Տիրան Քհնյ․ Սարգիսեանի, կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւնը մասնակցութեամ եկեղեցւոյ սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը, որուն աւարտին տերհայրը ձեռամբ տօնական ճրագը ժողովուրդին փոխանցուեցաւ,…

Posted on iamc