Մարտի 16-ին, կանանց միջազգային տօնին առիթով ԻՀԲԸ միութիւնը կազմակերպեց երաժշտական համերգ` Սայաթ-Նովա երգչախումբի կատարմամբ։ Համերգին ներկայ էին` Հոգեշնորհ Տ․Գաբրիէլ վարդապետ Սարգսեան, քահանայ հայրեր, Ազգ․Կեդր․Վարչութեան անդամները, մշակութային եւ մարզական ակումբներու յանձնախումբերու անդամներ ու աւելի քան 250 ներկաներ թեմիս զաւակներէն։ Համերգին հնչեցին Մօր եւ հայրենիքը պանծացնող երգ-բանաստեղծութիւններ։ Աւարտին Հայր Սուրբը իր խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ու կազմակերպիչներուն, անոնց մաղթելով յարատեւ յաջողութիւն։ Յիշելու ենք որ ձեռնարկին հիւրաբար ներկայ էին ՀՀ դեսպան Պր․Կարէն Գրիգորեան եւ դեսպանութեան կցորդ` Պր․Սմբատ Խաչատրեան։