ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԶԱԽՕ

Սուրբ Ծննդեան Եկեղեցական Արարողութիւնները Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

5 Յունուար 2021-ին, Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Ս. Ծննդեան նախատօնակ՝ Ճրագալոյցը, իսկ Յունուար 6-ին,  Քրիստոսի Ծննդեան հանդիսաւոր պատարագը։ Օրուան պատարագիչն էր՝ Արժ. Տ. Մասիս քհնյ. Շահինեան:  Ջրօրհնէքի արարողութիւնը կատարուեցաւ Սբ. պատարագի ընթացքին, որուն մասնակցեցաւ խաչի կնքահայր Պրն․ Յակոբ Լազարեան։ Արարողութեան մասնակցեցան եկեղեցւոյ դպրաց եւ սարկաւագաց դասերը։ Ներկայ էին թաղական խորհուրդի բոլոր անդամները, բարեպաշտ  հաւատացեալ ժողովուրդ եւ հիւրեր։

Print Friendly, PDF & Email

About The Author