ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԶԱԽՕ

Այցելութիւն Տըհօքի Կրօնական Գործերու Վարչութիւն

2 Փետրուար 2021-ին, Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ անձնակազմէն այցելեցին Տըհօքի Աւանդապահութեան եւ Կրօնական Գործերու Գլխաւոր վարչութիւն: Պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ՝ Զախոյի եւ Տըհօքի հոգեւոր հովիւ՝ Տ․ Մասիս քհնյ․ Շահինեանի, շնորհաւորեց Պրն․ Մուհամետ Խալիտ Մուհամետը նոր պաշտօն ստանձնելու կապակցութեամբ։ Պատուիրակութեան կազմին մէջ էին  Քիւրտիստանի շրջանի խորհրդարանի անդամ  Պրն․ Վահիկ Սարանեան եւ Տըհօքի նահանգի խորհուրդի անդամ Պրն. Իշխան Սարգիսեան, Զախոյի  Թաղական խորհուրդի ատենապետ՝ Պրն․ Դաւիթ Մարտիրոսեան եւ վարչութեան անդամ Պրն.Արմէն Լազարեան։

Print Friendly, PDF & Email

About The Author